Կիները ինչո՞ւ փողոց իջած են
Մենք կին ենք, գործարանի մէջ գործաւորուհի ենք, արտերու մէջ մշակ ենք, խոհանոցի խոհարարուհի ենք, մեր տղոց մայրն ենք, այրերուն կինն ենք:
Մենք կին ենք, միշտ քայլ մը ետ ենք այր մարդոցմէ: Ուզենք ուսեալ ըլլանք, ուզենք տգէտ ըլլանք: Որովհետեւ մեր օրերուն այր մարդը միշտ իշխող տարրն է: Արդէն իշխանութիւնը ոյժ կը նշանակէ: Այս ոյժը ճնշումի առարկայ դարձնելով, իրմէ տկար եղողին իշխել կը նշանակէ: Այս ոյժի կիրարկութիւնը ամէն տեղ կարելի է տեսնել: Մեծ, անարգանք, վարկաբեկում և աննկար թողուլ մեզի կիներուս պառտադրուած, բնական վիճակներ են: Պետութիւնը այս վիճակներուն ենթարկուած կիները, իրաւագիտական և «էրք-էք»ի ըմբռնումով աննկար կը թողու: Որովհետեւ պետութիւնը իշխանութիւն կը նշանակէ, իրաւագիտութիւնն ալ պետութեան լեզուն է: Այս պարագային կինը ամէն պայմանի տակ իշխանութեան մը ուժին տակ կը ճզմուի: Այս պարագան արդար չէ, հաւասար չէ և ազատ չէ:
Արդե՞օք կ’անդրադառնանք թէ մեր ազատութիւնը մեր ձեռքէն սա կամ նա ձեւով կ’առնուի:
Թերեւս մեզմէ շատեր կը կարծնք թէ երջանիկ, ազատ և հաւասար ենք մեր ապաստանած խցիկներուն մէջ: Սակայն կը սխալինք: Ազատ չենք: Այն կինը որ տունը իր զաւակներուն և ամուսինին ծառայելու ստիպողութեան տակ կը գտնուի, գործատեղիին մէջ որքան ար ջանայ այր մարդուն չի կրնար հաւասարիլ, դպրոցին մէջ չէզոք մնալու ստիպողութեան տակ կը գտնուի ազատ կին մը չէ:
Կը կարծուի թէ, այս մարզերէն փախչելու պէտք ունեցող կնոջ համար ազատութիւնը, իշխանութիւնը ձեռք անցնելն է: Սակայն մենք ոչ իշխանութիւն ըլլալ և ոչ ալ այր մարդուն հաւասարիլ կ’ուզենք: Ինքիշխան` այսինքն ազատ կեանքի մը համար մեզ բանտարկած այն խցիկները պատրելով, կը վազենք փողոցները:
Այսուհետեւ, թող ամէն մարդ իմանայ որ, ազատութիւնը փողոցն է և կիները ապստամբած են: